Through initiatives like collaborative editorial and social marketing projects, we promote inter-ethnic communications, ensuring diverse voices are heard on vital issues. We appreciate your support.

spot_img
HomeUncategorizedՀրապարակաւ՝ Նահանգապետ Նիւսըմի Հետ՝ Մարդահամար 2020՝ Համրուեցէք Մինչեւ 30 Սեպտեմբեր

Հրապարակաւ՝ Նահանգապետ Նիւսըմի Հետ՝ Մարդահամար 2020՝ Համրուեցէք Մինչեւ 30 Սեպտեմբեր

Governor Gavin Newsom

Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Կողմէ

Աւելի լաւ դպրոցներ

Առաւել ապահով ճամբաներ

Աւելի առողջ թաղամասեր

Բոլոր քալիֆորնիացիները կրնան օգնել իրենց համայնքներուն՝ ապահովելու նշեալ միջոցները եւ աւելին՝ մասնակցելով Մարդահամար 2020ին, նախքան 30 Սեպտեմբեր: Անիկա դիւրին է այնքան, որքան 9 պարզ հարցումներու պատասխանելը:

Երբ կը շարունակենք դիմագրաւել զոյգ համաճարակները՝ «Քորոնա» ժահրի եւ ցեղապաշտութեան, մեզմէ շատերը կը մտածեն այն աշխարհին մասին, որուն մէջ կ՛ուզենք ապրիլ եւ թէ ինչպէս կրնանք զայն դարձնել աւել լաւ ու առաւել ապահով յաջորդ սերունդին համար: Մարդահամարը մեզի կու տայ կարելիութիւնը զետեղելու հիմքը՝ ապահովելու այն ֆինանսաւորումը, որուն համայնքները կարիքը ունին ծաղկելու համար:

Իբրեւ ժողովուրդի պաշտօնական հաշուարկ՝ Մարդահամարը կը գործածուի կառավարութեան տասնմէկ մակարդակներու կողմէ՝ ճշդելու համար ֆինանսաւորումը մեր զաւակներուն դպրոցներուն, մանուկներու հոգատարութեան ծրագիրներուն եւ ուտելիքի ու առողջապահութեան միջոցները: 

Պատասխանները, զորս կու տաք այսօր, իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան յաջորդ տասը տարիներուն: Մասնակցիք կամ ոչ՝ Մարդահամարը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ձեր 6 տարեկան զաւակին վրայ, մինչեւ հայսքուլի տարիները: 

Մարդահամարը մեզ օժանդակեց պատմելու ամերիկեան պատումը, նկատի ունենալով այն, որ առաջին մարդահամարի հարցախոյզը կատարուած էր 1790ին: Անիկա հաշուարկումն է Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող ամէն անձի՝ առանց նկատի ունենալու ծագումը, գաղթականական կարգավիճակը կամ հպատակութիւնը: Անիկա կը նկարէ հպարտ պատկերը մեր ով ըլլալուն, կը յուշէ քաղաքական ներկայացուածութիւնը եւ կը սահմանէ ֆինանսաւորումը մեր կեանքի հիմքերուն համար:

Մասնակցելով Մարդահամարին՝ դուք կ՛օգնէք ձեր համայքին, տոհմիկ ազգին եւ նահանգին՝ ապահովելու միլիառաւոր տոլարի ֆինանսաւորում: Պիտի ապահովէք դուք ձեզ եւ դրացիներուն՝ ներկայացուելու Սաքրամենթոյի եւ Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի մէջ: Համայնքներ, որոնք ունին աւելի շատ պաշտօնապէս համրուած անձեր՝ աւելի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ ունին օրէնսդիր մարմինին եւ Քոնկրեսին մէջ եւ անոնք ունին աւելի շատ տրամադրելի ֆինանսաւորում՝ գոհացնելու համար իրենց համայնքներու կարիքները՝ հիմնուելով իրենց պաշտօնական համրանքին վրայ:

Մարդահամարը մեզի կու տայ առիթը ըսելու. «Մենք հոս ենք, մենք կարեւոր ենք եւ գիտենք, թէ մեր զաւակները ու համայնքները ինչ բանի արժանի են»:

Մենք հպարտ ենք, որ Քալիֆորնիան ամէնէն բազմազան նահանգն է աշխարհի ամէնէն բազմազան ժողովրդավարութեան մէջ: Ամէն համայնք մեր ոսկեայ նահանգին մէջ իւրայատուկ է, եւ իւրաքանչիւրը արժանի է հաշիւի առնուելու: Սակայն, ոչ ամէն համայնք հաշուըւած է պէտք եղածին պէս:

Բնիկ ամերիկացներ, գաղթածներ, անգլերէն չխօսողներ, տարբեր համայնքներ եւ մանուկներ մաս կը կազմեն անոնց, որոնք զանց առնուած են հաշուակներէն: Նուազ հաշուարկում մը ձեռքէ պիտի առնէ ձեր ձայնին ուժը եւ մեզ դուրս պիտի պահէ որոշումներէ, որոնք ազդեցութիւն ունին մեր վրայ: Եւ անիկա մեր ապագան եւ ֆինանսաւորումը վտանգի տակ պիտի դնէ՝ պատճառ դառնալով նուազ գումարներու՝ հիւանդանոցներուն, հրշէջներու բաժանմունքին եւ դպրոցներուն: Իւրաքանչիւր չհամրուած անձի պարագային, Քալիֆորնիան կրնայ կորսնցնել տարեկան 1000 տոլար յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին:

 

Մեր առաքելութիւնն է՝ ներառել իւրաքանչիւր համայնք Մարդահամարի հաշուարկին մէջ, նեռարեալ անոնք, որոնք նախապէս դուրս մնացած են լեզուի եւ մշակոյթային արգելքներու, վախի եւ ապատեղեկացուածութեան պատճառաւ: Քալիֆորնիոյ մէջ, Մարդահամարը լուրջի կ՛առնենք այնքան, որքան մեր զաւակներուն ապագան: Մենք պատմական ներդրումներ կատարեցինք՝ ապահով ըլլալու համար, որ Քալիֆորնիա ապրող իւրաքանչիւր անձ,- յատկապէս դժուար համրելի համայնքներու մէջ,- համրուի: Այդ կը ներառէ աշխատակցիլ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու եւ տոհմիկ միտիայի գործընկերներու հետ՝ ապահով ըլլալու համար, թէ հասանելի ենք Քալիֆորնիոյ մէջ բոլոր լեզուները խօսող անձերուն: 

Հաւանաբար արդէն նամակատարով ստացած էք Մարդահամարի հարցարանը լրացնելու միջոցներու ցուցմունքները: Եթէ չէք ստացած՝ տակաւին կրնաք զայն լրացնել առցանց՝ my2020census.gov կայքին վրայ կամ հեռաձայնով՝ 844-330-2020 թիւին հեռաձայնելով: Հեռաձայնի վրայ օժանդակութիւն կը տրամադրուի զանազան լեզուներով: Եթէ թուղթէ հարցարան ստացած էք՝ կրնաք զայն լրացնել եւ ուղարկել նամակատարով:

Վստահ եղէք, որ ձեր տան մէջ ամէն ոք համրուած է՝ ներառեալ մանուկները,եւ այդ մէկը կատարեցէք նախքան 30 Սեպտեմբեր: 

Երբ Մարդահամարը կը լրացնէք, վստահ եղէք, թէ անիկա անվտանգ է եւ գաղտնի: Հաւաքուած տեղեկութիւնը չի կրնար գործածուիլ ձեզի դէմ՝ որեւէ պարագայի: Մարդահամարի տուեալները չեն կրնար գործածուիլ ոստիկանութեան կամ տանտէրներու կողմէ: Մարդահամարի Գրասենեակը երբեք պիտի չուզէ ձեր «Սոշըլ Սըքիւրիթի»ի թիւը, ֆինանսական տեղեկութիւններ կամ դրամ:  Եւ 2020ի Մարդահամարին արգիլուած է հարցնել գաղթականական կամ հպատակութեան կարգավիճակին մասին:

Այս պահուն, Մարդահամարի խումբերը կ՛երթան դուռ-դուռ՝ հետեւելու չպատասխանող անձերուն հետ: Անոնք կը յարգեն հանրային առողջութեան ցուցմունքները, անոնք պատրաստուած են դիմակներ կրելու եւ Մարդահամարի հարցումները ձեր տուներէն դուրս տալու ձեւին: Դուք կրնաք իմանալ, թէ անձը պաշտօնական Մարդահամար կատարող է՝ անոր «Այ. Տի.»ին եւ Մարդահամարի Գրասենեակի հեռաձայնի թիւին միջոցաւ:

Յիշեցէք, որ պատասխանելով այս իննը դիւրին հարցումներուն եւ ապահովելով ամբողջական համրանք՝ դուք կը ստեղծէք առաւել փայլուն ապագայ մը ձեր համայնքին համար:

Իբրեւ ծնողներ՝ չկայ որեւէ բան, զոր չենք ըներ մեր զաւակներուն համար: Այս տարի ցանկին վրայ աւելցուցէք «լրացնել Մարդահամարը նախքան 30 Սեպտեմբեր»ը: 

Աւելին իմանալու համար այցելեցէք https://californiacensus.org/  կայքը:

Gavin Newsom is the Governor of California, formerly Lieutenant Governor of California and Mayor of San Francisco. Governor Newsom is married to Jennifer Siebel Newsom. They have four children: Montana, Hunter, Brooklynn, and Dutch. Newsom has been a pioneer on same-sex marriage, gun safety, marijuana, the death penalty, universal health care, access to preschool, technology, criminal justice reform, and the minimum wage, which has led to sweeping changes when his policies were ultimately accepted, embraced, and replicated across the state and nation.

spot_img
spot_img

Info Flow