Through initiatives like collaborative editorial and social marketing projects, we promote inter-ethnic communications, ensuring diverse voices are heard on vital issues. We appreciate your support.

spot_img
HomeUncategorizedՀրապարակաւ Նահանգապետ Նիւսըմի Հետ՝ Մէկ Տարի Քալիֆորնիա Բոլորին Համար

Հրապարակաւ Նահանգապետ Նիւսըմի Հետ՝ Մէկ Տարի Քալիֆորնիա Բոլորին Համար

ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ԿԵՎԸՆ ՆԻՒՍԸՄ

Քալիֆորնիոյ նման նահանգ չկայ Ամերիկայի մէջ: Երկրին տագնապալի օրերուն, Քալիֆորնիան այն վայրն է, ուր Ամերիկեան Երազը կենդանի է եւ լաւ վիճակի մէջ: Ամէնէն այլազան նահանգը աշխարհի ամէնէն այլազան ժողովրդավարութիւնը՝ Քալիֆորնիան մեծասիրտ է, բարգաւաճ, համապարփակ եւ յանդուգն:

 Այս տարի, մենք աշխատանք տարինք կառուցելու Քալիֆորնիա մը՝ բոլորին համար: Կառավարուելով զարգացման եւ համապարփակման մեր արժէքներով՝ մենք սկզբունքային, այլեւ գործնական ներդրումներ կատարեցինք մեր ժողովուրդին եւ ապագային մէջ:

 Որպէսզի վստահ ըլլանք, որ նշեալ ներդրումները ըլլան յարատեւ, յետագայ տարիներուն համար պիւտճէն դասաւորեցինք պատասխանատու կերպով: Մեր հաւասարակշռուած եւ միանգամեայ պիւտճէն ստեղծեց մեր նահանգի պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ չափի դժբախտութեան օրերու հիմնադրամը եւ յաղթահարեց տնտեսական  ճգնաժամը:

 Պիւտճէն լուծեց մեր դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրները: Այսօր, պիտի խօսիմ Քալիֆորնիոյ մէջ ապրուստի սղութեան, արտակարգ իրավիճակները կանխելու եւ անոնց դիմաց պատրաստ ըլլալու ու անտնութեան դէմ պայքարելու hարցերուն հետ վարուելու ուղղութեամբ տարած մեր աշխատանքին մասին:  

 Նախ, մենք աշխատանք կը տանինք՝ դիմագրաւելու նահանգին մատչելիութեան (սղութեան) տագնապը: Անիկա մեր նահանգի հիմնական տնտեսական մարտահրաւէրն է, որ կը սպառնայ մարդոց կեանքին եւ կը սպառնայ անոնց ապագային: Այն բաները, որոնք գոյատեւելը կարելի կը դարձնեն՝ բնակարան, բժշկական ապահովագրութիւն, զաւակներուն համալսարանական ուսման ծախսերուն  կամ հանգստեան կոչուելու համար խնայողութիւն, շատ աւելի անհասանելի կը դառնան քալիֆորնիացիներուն համար:

 Յունուար ամսուն, երբ պաշտօնս ստանձնեցի անցայ գործի՝ բոլորին համար ապրուստը մատչելի դարձնելու նպատակով: Մենք միասնաբար ընդարձակեցինք միջին դասակարգի քալիֆորնիացիներուն առողջապահական ապահովագրութեան օժանդակութիւնները:  Մենք պայքարեցանք դեղագիրով տրուած դեղերու աճող գիներուն դէմ՝ ձգտելով հաստատել անհատ դեղեր գնողի երկրին ամէնէն մեծ համակարգը: Մենք ճիգ թափեցինք, որպէսզի բարձրագոյն ուսումը հասանելի դառանայ աւել շատ քալիֆորնիացիներու՝ հայթայթելով հանրային քոլեճի երկու տարուան անվճար ուսում առաջին անգամ սկսող լիաժամ դասերու հետեւողներուն համար եւ բանակցութիւններ վարեցինք կրթաթոշակներու սառեցման շուրջ, Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ:

 Նաեւ Քալիֆորնիոյ ծնողներուն գրպանը դրամ վերադարձուցինք՝ կրկնապատկելով նահանգին Շահած Եկամուտի Հարկի Վարկը եւ աւելցնելով 1000 տոլարի վարկ 6 տարեկանէն նուազ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն համար: Թեթեւցուցինք ծնողներու տնտեսական բեռը՝ ջնջելով երեխաներու շորի վաճառքի եւ օգտագործման հարկը:

 Երկրորդ, մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Քալիֆորնիան պատրաստ է դիմագրաւելու յաջորդ բնական աղէտը, եւ թէ տակաւին վերականգնող՝ աղէտալի հրդեհներէն վնասուած համայնքները վերակառուցելու բոլոր միջոցները ունին:

 Մենք 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարեցինք ՝ ունենալու համար աղէտի դիմաց դիմադրականութիւն, հակազդեցութիւն եւ  վերականգնում, ներառեալ՝ ֆինանսաւորում նախադիրքաւորման եւ շտապ հակազդեցութեան խումբերու՝ հրդեհներու վտանգի ժամանակաշրջաններուն: Մենք սկսանք «Լիսթոս Քալիֆորնիա»ն՝ նահանգի տարածքին համայնքային կազմակերպութիւններու ցանց մը, որ դիպուկ համայնքներու մէջ կը տեղակայէ աղէտի դիմաց դիմադրականութիւն: Նաեւ նահանգը յառաջ տարինք՝ դէպի աւելի ապահով, մատչելի եւ վստահելի ուժանիւթի ապագայ, ուրուագծելով հրդեհի դէմ ապահովութեան եւ հաշուետուութեան միջոցառումեր եւ աշխատելով Օրէնսդիր Մարմինին հետ՝ ստեղծելու համար միլիառ տոլարի հիմնադրամ մը:

 Վերջապէս, մենք անդադար կ՛աշխատինք մեղմացնելու համար ամբողջ նահանգին անտնութեան տագնապը, որ կը հարուածէ 130,000 քալիֆորնիացիներ, մեր նահանգի ամէն անկիւն:

 Մենք կը հետապնդենք լուծումներ, որոնք գործնական են: 2.75 միլիառ տոլարի պատմական ներդրում մը – ամէնէն մեծ գումարը, զոր Քալիֆորնիան երբեւէ ծախսած է – անտնութեան դէմ պայքարելու եւ յաւելալ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրներու մէջ:   Այդ գումարը կը ներառէ 650 միլիոն տոլարի Անտնութեան Շտապ Օգնութիւնը՝ քաղաքներու եւ գաւառներու, որպէսզի անոնք իրենց համայնքներուն համար կարենան կիրարկել լաւագոյն տեղական լուծումները: Մենք նաեւ կը հարուածենք անտնութեան արմատ տուող պատճառներուն, ներառեալ՝ բնակարաններու կառուցման անընդունելի պակասը եւ անխիղճ տանտէրները, որոնք իրենց վարձակալներուն կը պարտադրեն անարդարօրէն բարձր գիներ ու անարդարօրէն կը վտարեն բնակարանէն:  Բանակցութիւններ վարեցինք եւ ստորագրեցինք երկրին ամէնէն ուժեղ նահանգային վարձակալի պաշտպանութիւնները եւ աշխատեցանք արհեստագիտութեան ընկերութիւններու հետ ապահովելու համար 4.5 միլիառ տոլար Քալիֆորնիոյ բնակարանային տագնապը լուծելու համար: Ամբողջական մօտեցումով կը վերաբերինք այս հարցին, որովհետեւ անիկա կեանքի որակի մեծ հարց է ոչ միայն մայթի եզրին քնացող անձին համար, այլ նաեւ անոր համայնքին բոլոր անդամներուն համար: Մենք կը գիտակցինք, որ իւրաքանչիւր անտnւնի անձ մէկու մը զաւակն է, ծնողը կամ ընկերը: Շատ յաճախ անոնք մեր անձնակազմի անդամներ են, որոնք պատիւով ծառայած են մեր բանակին մէջ եւ ինկած դժուարութիւններու մէջ, երբ ծարայութենէն վերադարձան: Այս անհատները յաճախ կը տառապին հոգեկան հիւանդութենէ կամ թմրամոլութենէ:

 Անոնք անմիտ հռետորութենէն եւ Ուաշինկթընի հրամցուցած կեանքի ապահովութեան անսիրտ կրճատումներէն աւելիին արժանի են: Անոնք արժանի են հոգածու լուծումներուն, զորս մենք կը հետապնդենք Քալիֆորնիոյ մէջ, համագործակցութեամբ տեղական կառավարութիւններու, մասնաւոր հատուածին եւ համայնքային բարերարներու: 

 Չսխալի՛ք, տակաւին շատ գործ ունինք տանելիք: Տակաւին կան մեծ թիւով քալիֆորնիացիներ, որոնք չեն օգտուիր իրենց ջանքերով ստեղծուած ծաղկումէն: Անոնց եւ իրենց զաւակներուն համար – եւ երկրին մէջ ու աշխարհի տարածքին, Քալիֆորնիոյ շարունակական առաջնորդութեամբ – մենք պէտք է յանդգնօրէն դիմագրաւենք մնացեալ մարտահրաւէրները: Մարտահրաւէրները կը պահանջեն յանդուգն լուծումներ եւ մանաւանդ՝ փոփոխութեան խիզախութիւն:

 Բարեբախտաբար, մենք խիզախութեան պակասը չունինք Քալիֆորնիոյ մէջ, նահանգը՝ երազողներու եւ իրականացնողներու, որոնք ճիշդ բանին համար վտանգաւոր քայլեր առնելէն չեն վախնար:

 Յառաջիկայ տարուան ընթացքին, պիտի շարունակենք տքնաջան աշխատիլ եւ բարձր կէտերու ձգտիլ`  յօգուտ բոլոր քալիֆորնիացիներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք մեր նահանգը՝ իբրեւ յոյսի ջահ կը տեսնեն:

Gavin Newsom is the Governor of California, formerly Lieutenant Governor of California and Mayor of San Francisco. Governor Newsom is married to Jennifer Siebel Newsom. They have four children: Montana, Hunter, Brooklynn, and Dutch. Newsom has been a pioneer on same-sex marriage, gun safety, marijuana, the death penalty, universal health care, access to preschool, technology, criminal justice reform, and the minimum wage, which has led to sweeping changes when his policies were ultimately accepted, embraced, and replicated across the state and nation.

spot_img
spot_img

Info Flow