Tuesday, October 8, 2024
More
    HomeUncategorizedՀրապարակաւ՝ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ Չպատուաստուիլը Ուրիշները Վտանգի Մէջ Կը Դնէ

    Հրապարակաւ՝ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ Չպատուաստուիլը Ուրիշները Վտանգի Մէջ Կը Դնէ

    Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ

     Հակառակ «Քովիտ-19»ի դէմ պայքարին մէջ Քալիֆորնիոյ յառաջընթացին՝ մենք տակաւին խաւարէն դուրս չենք եկած. մեր համայնքներուն մէջ մեծ թիւով անձեր կը մնան չպատուաստուած, դնելով վտանգի մէջ իրենք զիրենք եւ ուրիշները, որոնք չեն կրնար պատուաստ ստանալ: Այժմ, մենք կը գտնուինք դէմ յանդիման առաւել վարակիչ «Տելթա» տարբերակին: Այժմ՝ առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է պատուաստուիլը. այսպիսով է որ վերջ կը դնենք համաճարակին: 

     Ապահով եւ շատ ազդու այս պատուաստները կը հայթայթեն գերազանց ապահովութիւն ծանր հիւանդութիւններու, հիւանդանոցի հոգատարութեան յանձնուելուն եւ մահուան դէմ, ներառեալ՝ «Տելթա» տարբերակին եւ այլ տարբերակներու: Պատուաստ ստանալու իրաւասու քալիֆորնիացիներուն 80 տոկոսին նուազագոյնը մէկ դեղաչափով պատուաստուած ըլլալով հանդերձ, մեր աշխատանքը կը շարունակուի՝ փակելու համար չպատուաստուողներու բացը: 

     Մենք ականատես կ՛ըլլանք չպատուատուած անձերու՝ հիւանդանոցներու ուշադիր հոգատարութեան բաժանմունքները ընդունուելուն, եւ, դժբախտաբար, անոնցմէ շատեր այդ հիւանդանոցներէն երբեք դուրս չեն գար: Քալիֆորնիոյ մէջ, «Քովիտ-19»ի պարագաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը  չպատուաստուած անձերուն հետ առնչութիւն ունի: Երբ պարագաներու, հիւանդանոցներ մուտքերու եւ մահերու թիւերը կը բարձրանան՝ մեր ճիգերը՝ հասնելու ամէնէն շատ ազդուած համայնքներուն, պիտի աւելնան:

     Այս կացութիւնը շատ լուրջ է: «Տելթա» տարբերակով, Քալիֆորնիան կը գտնուի ճգնաժամային կէտի մը մէջ: Անիկա չափազանց վարակիչ է. առաւել քան 60 տոկոսով աւելի փոխանցիկ է, քան՝ «Քովիտ-19»ի սկզբնատիպը, եւ անիկա դարձած է նահանգին մէջ շրջող գերակշիռ բնակերպը: «Քովիտ-19»ին եւ անոր տարբերակներուն նշաւակ դառնալը եւ վարակուիլը պիտի շարունակուին՝ մինչեւ աւելի շատ մարդոց պատուաստուիլը: Ա՛յժմ, մենք պէտք է հետեւինք գիտութեան՝ աւարտելու համար համաճարակին վերջ տալու գործը:

     Դժբախտաբար, մեր ամէնէն շատ խոցելի համայնքները, որոնց մէջ ականատես կ՛ըլլանք պատուաստումներու ցած թիւերու՝ թիրախ կը դառնան ապատեղեկատուութեան արշաւներու, որոնք կը վտանգեն կեանքեր, ներառեալ՝ մանուկներու, որոնք իրաւասու չեն «Քովիտ-19»ի պատուաստ ստանալու: Գործակցիլը ցեղային խումբերու «միտիա»ի, կրօնական համայնքներու կազմակերպութիւններու եւ իւրայատուկ բազմաթիւ գործընկերներու հետ, որոնք վստահելի պատգամաբերներ են, եղաւ բախտորոշ՝ վանելու տարածուած ամէնէն գերակշռող առասպելները: Ժամանակն է ամբողջութեամբ ընդունելու իրողութիւնները, որոնք կը փաստեն, որ պատուաստները ազդու են, ապահով են եւ անվճար՝ առանց նկատի ունենալու գաղթականական կարգավիճակը: 

     Կան կարգ մը լաւ լուրեր: Պատուաստին ապահով եւ ազդու ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու գծով համայնքներուն հետ գործակցելով՝  աճող թիւով քալիֆորնիացիներ կ՛որոշեն պատուաստուիլ: Մենք կը շարունակենք մօտէն աշխատիլ գործատէրերու հետ՝ պատուաստները իրենց պաշտօնեաներուն առաւել մատչելի դարձնելու համար, կը բանանք շարժական դարմատուներ գործատեղիներու մէջ եւ կը փոխանցենք տեղեկութիւն «Քովիտ-19»ի Հիւանդութեան Յաւելուածական Դադարին մասին, որ կրնայ օգտագործուիլ պատուաստուելու ժամադրութեան համար կամ անոնց համար, որոնք չեն կրնար աշխատիլ կամ պատուաստի ժամանակաւոր հակազդեցութեան պատճառով հեռավար կ՛աշխատին: Չենք կրնար եւ պիտի չկարենանք թուլնալ: Մեր՝ պատուաստները հասանելի դարձնելը պիտի շարունակուի, երբ մեր նախապատուութիւնը կը մնայ մեր համայնքները ապահով պահելը, մեր տնտեսութիւնը զարգացնելը եւ վստահ ըլլալը, որ  մեր  զաւակները կը ծաղկին:

      «Քովիտ-19»ի հարուածը ամէնէն շատ ստացած համայնքներուն մէջ պատուաստուողներու թիւը աւելցնելու աշխատանքը հաւասարեցաւ  քալիֆորնիացիներուն՝ իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն պէտքերը հոգալուն օժանդակելու յանձնառութեան: Այցելելով covid19.ca.gov կայքը կամ հեռաձայնելով «Քովիտ-19 հաթլայն»ի 833-422-4255 թիւին՝ կրնաք գտնել ձեր լեզուով տեղեկութիւն ծրագիրներու մասին, ինչպէս՝ վարձքի օգնութեան եւ տունէն հեռացուելուն դէմ պաշտպանութեան: Առաւել՝ Ոսկեայ Նահանգի Խթանը կրնայ դրամ դնել 75,000 տոլարէն պակաս շահող ընտանիքներուն գրպանը: Այս միջոցները  կան բոլոր այն քալիֆորնիացիներուն համար, որոնք անոնց կարիքը ունին՝առանց նկատի ունենալու գաղթականական կարգավիճակը, եւ միասնաբար գործելով՝ պատուաստները կրնան օժանդակել մեր համայնքները ապահով եւ առողջ պահելու ճիգին:

     Իւրաքանչիւր քալիֆորնիացի պէտք է գիտնայ, թէ որքա՛ն ճգնաժամային է պատուաստուիլը՝ իր եւ իր ընտանիքին առողջութեան եւ ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ առողջութեան համար: Մենք կը վստահինք անոնց, որոնք տակաւին չեն պատուաստուած, որ ճիշդ որոշումը տան: Միասին՝ մենք կրնանք վերջ տալ այս համաճարակին:

    Gavin Newsom is the Governor of California, formerly Lieutenant Governor of California and Mayor of San Francisco. Governor Newsom is married to Jennifer Siebel Newsom. They have four children: Montana, Hunter, Brooklynn, and Dutch. Newsom has been a pioneer on same-sex marriage, gun safety, marijuana, the death penalty, universal health care, access to preschool, technology, criminal justice reform, and the minimum wage, which has led to sweeping changes when his policies were ultimately accepted, embraced, and replicated across the state and nation.

    Social Ads | Community Diversity Unity

    Info Flow